2016-04-15 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոլիվիայի նախագահը` Մորալես


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 15 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պոլիվիայի հանրապետութեան նախագահ` Խուան Էվօ Մորալեսը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Նախագահ Մորալեսին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Կերարտ Լուտուիք Միւլլերը, Կղերական Դասի Ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Պենիամինօ Սթելլան եւ Մեքսիքոյի Մորելիա թեմին արքեպիսկոպոսս` Կարդինալ Ալպերթօ Սուարեզ Ինտան ու անոր ընկերացող Զամորա թեմին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Նավարրօ Ռոտրիկէզ։

Մորալես նախագահին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պոլիվիան յուզող ընկեր-տնտեսական հարցերը.  յատուկ անդրադարձ կատարելով ընկերային քաղաքականութեան։ Ընդգծուեցան ապա Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւնները եւ Պոլիվիայի Քրիստոնէական աւանդութիւնն ու Եկեղեցւոյ բերած վճռական սատարը` երկրի բարգաւաճումի ու բարօրութեան։ Զրոյցներու ծիրէն ներս անդրադարձ կարարուեցաւ նաեւ դաստիարակութեան, առողջապահութեան ու աղքատներու օգնութեան հայող նիւթերու շուրջ` ինչպէս նաեւ միջազգային իրադարձութիւններուն հայող հարցերու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.